Armenian press covers recent publication on Iron Age Armenia

Հայոց Հնագիտութեան Եւ Պատմութեան Նուիրուած Երկու Կարեւոր Հատորներ

ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- «Արփա» հիմնարկի վարչութեան անդամ դոկտ. Տիգրան Տալեան կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 13ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի դասախօսներու ակումբին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին ներկայացուած են հայոց հնագիտութեան եւ պատմութեան նուիրուած երկու կարեւոր հատորներ։
Հատորներէն առաջինը՝ «Հայաստանի Հնագիտական Ժառանգութիւնը» («Archaeological Heritage of Armenia»), 2013ին լոյս տեսած է Երեւանի «Յուշարձան» հրատարակչատան կողմէ։ Անգլերէնով եւ հայերէնով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներով հարստացած սոյն հատորի խմբագիրը՝ փրոֆ. Յակոբ Սիմոնեան, ներակայացուցած է հատորը։
Երկրորդ հատորը՝ «Կայսրութիւններ Եւ Բազմազանութիւն» («Empires and Diversity»), նմանապէս ներկայացուած է հատորի խմբագիրին՝ փրոֆ. Գրիգոր Արէշեանի կողմէ։ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Քոսթին» հնագիտութեան հիմնարկին հրատարակած այս հատորին մէջ հրատարակուած են հայոց պատմութեան նուիրուած երկու ուսումնասիրութիւններ, որոնց հեղինակներն են յաջորդաբար փրոֆ. Լոռի Խաչատուրեան («Քորնել» համալսարանէն) եւ փրոֆ. Գրիգոր Արէշեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն)։
Հատորները տրամադրելի են «Amazon» կայքէն։

Comments are closed.